2015-01-24 13:13:03

Միջկրօնական երկխօսութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ՙՔահանայապետական Արաբական եւ Մահմետական հետազօտութիւններու հաստատութեան կազմակերպած հանդիպումի մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց ՙՔահանայապետկան Արաբական եւ Մահմետական Հետազօտութիւններու Հաստատութեան՚ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցները։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները՝ հաստատութեան հիմնարկութեան 50րդ տարեդարձին առիթով, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տարած գործունէութեան համար, որ անհրաժեշտօրէն կը նպաստէ կրօններու փոխադարձ ճանաչումի եւ խաղաղ համակեցութեան։ Հաստատութեան այս գործունէութեան արդիւնքն է միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Պէտք չէ սակայն սայթաքիլ կրօնական հաւատալիքներու միաձուլման մէջ, ուր կը համակերպինք ամէն առաջարկուած սկզբունքի՝ պարզապէս փախուստ տալով հարցադրումներէ եւ խնդրայարոյց կէտերէ։ Հետեւաբար այս սկզբունքը մեզ կը խթանէ դառնալու եւ հաւատարմօրէն կառչելու մեր ինքնուրոյն հիմերուն։
Երբ անհատ մը համոզումով կը դաւանի իր կրօնքը՝ այն ժամանակ իր վկայութիւնը եւ իր մտածելակերպը վաւերական են եւ մեզ կը մղեն հարցադրելու մեր ինքնուրոյն հոգեկանութիւնը։
Երկխօսութեան սկիզբը հանդիպումն է։ Ապա դիմացինին ճանաչումը՝ կարենալ գերազանցելու նախապաշարումները։
Ձեր աշխատանքը միշտ ընթացած է այս ուղիին վրայ։ Ուսումնասիրութիւնները եւ վերլուծումները յառաջ բերած են երկխօսութիւն եւ փոխադարձ յարգանք։
Դիւրին չէ այս պարտականութիւնը, այլ կը ծնի եւ կը հասունանայ պատասխանատուութեան ուժեղ գիտակցութեամբ։ Մահմետականներու հետ երկխօսութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, համեստութիւն, եւ խորաթափանց հետազօտութիւն։ Հետազօտութիւնը պէտք չէ ամփոփուի ընկերաբանական վերլուծումներու մէջ, այլ պէտք է ըլլայ ուղեւորութիւն մը անհատներու միջեւ, որոնք Աբրահամի անձին մէջ կը տեսնեն հոգեւոր հայրութիւնը։
Այս ձեր հաստատութիւնը շատ թանկ է Սուրբ Աթոռին համար, հետեւաբար պէտք է աւելի լայն շրջանակներու ծանօթացուի։ Իմ բաղձանքս է, որ ան միշտ ըլլայ հայեցակէտ այն քրիստոնեաներուն համար, որոնք կը կազմաւորուին միջկնրօնական երկխօսութեան մարզէն ներս գործելու եւ կամ արդէն իսկ գործունեայ դեր կը կատարեն - ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապը ի տառին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.